2014-04-28 11:57:13

Գոհաբանական սուրբ պատարագներ` Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետերու սրբադասումի առիթով։


Երկուշաբթի, 28 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ տեղի ունեցաւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի սրբադասումին առիթով գոհաբանական սուրբ պատարագ, զոր նախագահեց Սրբազան Քահանայապետի Վատիկանի Պետութեան տեղապահը` կարտինալ Անճելօ Քոմասդրին եւ որուն ներկայ գտնուեցան բազմահազար Լեհ ուխտաւորներ։ Իսկ առաւօտեան ժամը 9-ին, Հռոմի Սուրբ Քարլոյի անուան Եկեղեցւոյ մէջ, ուր Յովհաննէս ԻԳ իր քահանայական ձեռնադրութիւնը ստացած էր` 19 մարտ 1925-ին, Պերակամոյի Եպիսկոպոսը` գերապայածառ Պեսքին նախագահեց Յովհաննէս ԻԳի սրբադասումի առթիւ գոհաբանական սուրբ պատարագին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Պերկամոյէն ժամանած ուխտաւորներ։
Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ նախագահած Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Կարտինալ Քոմասդրի վերյիշեց 9 տարիներ առաջ տեղի ունեցած Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, հաստատելով թէ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի բոլոր կեանքը եղաւ` մշտական հնազանդութիւն Յիսուսի Աւետարանին։
Կարտինալ Քոմասդրի ընդգծեց Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կեանքի եւ սրբութեան յատկանշական հանգրուանները եւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի անոր հաւատքի մասին տուած վկայութիւնները։
''Այսօր հոս համախմբուած ենք ՅՊԲին ըսելու` շնորհակալութիւն ու ժառանգելու իր վեհանձն հաւատքի մեզի թողած օրինակը'' – ըսաւ Կարտինալը – նշելով դարձեալ երջանկայիշատակ սուրբ քահանայապետի ուսուցումները յատկապէս ընտանիքի մասին, ինչպէս նաեւ Անոր յանձնառումը խաղաղութեան հաստատումին ի սպաս եւ երիտասարդներուն հանդէպ ցուցաբերած ուշադրութիւնը որպէս Հայր, որպէս առաջնորդ եւ որպէս դաստիարակ։
Քարոզի աւարտին Կարտինալ Քոմասդրին անդրադարձաւ սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի Տիրամօր հանդէպ ունեցած անհուն սիրոյն ու անոր բազուկներուն մէջ յանձնուելուն, իր ''ամբողջովին քուկդ – Totus tuus'' խօսքով։
''Սուրբ Յովհանէս Պօղոս Բ, աղօթէ Եկեղեցւոյ համար, որ դուն անհունօրէն սիրեցիր ու զայն մղեցիր Յիսուսի հաւատարմութեան հերոսական ճանապարհի վրայ։ Աղօթէ մեզի համար որպէսզի ամէնքս ըլլանք մէկ սիրտ ու մէկ հոգի եւ որպէսզի աշխարհը հաւատայ։ Ամէն։'' Եզրափակեց Կարտինալ Քոմասդրին։








All the contents on this site are copyrighted ©.